Արմէն Ռուստամեան

 

Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը կը գտնուին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ  եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Հետևեք մեզ Տելեգրամում՝ t.me/lurer4news

«Երկիր Մեդիա»ի լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ռուստամեան ներկայացուց Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի հարցերով, եւրասիական համարկումի եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ, ԱՊՀի երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Քոնսթանթին Զաթուլինի հրաւէրով տեղի ունեցած այցելութեան նպատակները եւ ռուս քաղաքական գործիչներու հետ ունեցած հանդիպումներուն քննարկուած հարցերու շրջանակը:

Ան նշեց, որ ռուս գործընկերներու հետ քննարկուած են Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, քաղաքական ճգնաժամին եւ անոր հաւանական հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր:

Արմէն Ռուստամեան կարեւոր նկատեց Արցախի հետագայ կարգավիճակին հարցը՝ նշելով, որ Արցախը դատապարտուած է վերջնական հայաթափման, եթէ անոր կարգավիճակը որոշուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ Արցախը կորսնցնէ Հայաստանի հետ կապող ճամբան:

Հետևեք մեզ Տելեգրամում՝ t.me/lurer4news

Խօսելով հայաստանեան ընդդիմութեան գործողութիւններուն մասին՝ Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ ռուս գործընկերներուն մօտ կան ոչ-ճիշդ պատկերացումներ, թէ ընդդիմութեան նպատակը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմանի համաձայնագիրի չէզոքացումն է: «Մենք կը հասկնանք, որ այդ համաձայնագիրի չէզոքացումը այս պահուն կը նշանակէ պատերազմի վերսկսում, որ Հայաստանի մէջ տիրող այս իրավիճակին մէջ յղի է աւելի տխուր հետեւանքներով: Մենք պէտք է շարունակենք քննարկումները այդ համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ եւ աշխատինք յստակութիւն մտցնել այն հարցերուն մէջ, որոնք անտեսուած են Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ եւ այսօր վտանգաւոր զարգացումներ կ՛ունենան, թէ՛ Լաչինի միջանցքին մէջ եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ արեւելեան

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով